Ուրեմն ժամանակին արաբ վաճառականներ կը պատմեն եղեր։ Խոշոր թռչուն մը իր բոյնը միշտ կասիայի ցպիկներով կը շինէ։ Վաճառականները կասիայի ցպիկներ հաւաքելու համար ամէն անգամ այս թռչունին կտոր մը միս կու տան։ Թռչունը երբ միսը առնելու համար բոյնէն կը հեռանայ, կասիայի ցպիկները գետին կը թափին։ Եւ վաճառականները կասիայի ցպիկները մէկ-մէկ կը հաւաքեն։